2016-08-11 10:22:00

Մոսկուայի մէջ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ` նախագահներ Սարգսեանի եւ Փութինի միջեւ


Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիա աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ երէկ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ: Ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ, անդրադարձած են նաեւ բոլոր ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման, բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին, եւրասիական տարածքին մէջ համարկումի հոլովոյթներու զարգացման հեռանկարին: Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի ներկայ փուլին, առկայ խնդիրներուն եւ այդ հոլովոյթը  յառաջ մղելու կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր, միտքեր փոխանակած միջազգային եւ շրջանային արդի խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ:

Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները:

«Յարգելի՛ Սերժ Սարգսեան, յարգելի՛ բարեկամներ, շատ հաճելի է բոլորդ Մոսկուայի մէջ տեսնել: Հայաստանը մեզի համար ռազմավարական գործընկեր է Անդրկովկասի մէջ, եւ մենք հետեւողականօրէն կը կառուցենք դաշնակցային յարաբերութիւններ, նաեւ` բոլոր ամէնէն զգայուն ուղղութիւններով եւ միջազգային հարթակին վրայ: Նկատի ունիմ նախ եւ առաջ ԱՊՀ տարածքը. մենք այստեղ կը համագործակցինք ե՛ւ ՀԱՊԿ, ե՛ւ այժմ արդէն Եւրասիական միութիւն շրջագիծին մէջ: Ի դէպ, ինծի համար շատ հաճելի է արձանագրել եւ կ՛ուզեմ ձեզ շնորհաւորել այդ առիթով, ես սերտած եմ անցեալ տարուան տուեալները` Եւրասիական տնտեսութեան մէջ Հայաստանի անդամակցութենէն ետք համախառն ներքին արդիւնքը ձեր մօտ աճած է 10 առ հարիւրով, ինչպէս կ՛երեւի  փաստաթուղթերէն: Ատիկա, վստահաբար, շատ դրական ցուցանիշ է: Յոյս ունիմ, որ այս դրական աշխուժութիւնը կը շարունակուի: Մենք ունինք նաեւ երկկողմանի բնոյթի բազմաթիւ այլ հարցեր: Այդ իսկ պատճառով ես շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելով: Բարի եկած էք», նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումին ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

«Շնորհակալութի՛ւն, Վլատիմիր Փութին: Ես շատ ուրախ եմ մեր հերթական հանդիպման համար, եւ աւանդաբար այնպէս կը պատահի, որ տարուան այս նոյն ժամանակաշրջանին կը հանդիպինք` քննարկելու հայ-ռուսական գործընկերութեան վիճակը, երկկողմանի եւ շրջանային օրակարգի աւելի արդիական հարցերու շուրջ միտքեր փոխանակելու եւ, վստահաբար, քննարկելու նախկին շրջաններուն մեր ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացման ընթացքը: Ես գոհունակութեամբ կ՛ուզեմ փաստել, որ հակառակ համաշխարհային եւ շրջանային տնտեսական խնդիրներուն, վեց ամսուան ընթացքին մեր առեւտրական շրջանառութիւնը աճած է 12 առ հարիւրով, իսկ Հայաստանէն  Ռուսիա արտահանումը աճած է գրեթէ 90 առ հարիւրով եւ, փաստօրէն, հասած է կիսամեակի ընթացքին իր պատմական առաւելագոյնին: Ատիկա, վստահաբար, նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան կողմէ տրամադրուող կարելիութիւններուն շնորհիւ է, ինչ որ, անշուշտ, շատ լաւ է: Այս ժամանակաշրջանին, վստահաբար, տեղի ունեցած են բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու աշխուժ փոխադարձ այցելութիւններ: Եւ, սկզբունքօրէն, մենք չունինք որեւէ լուրջ խնդիր երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ, բոլոր հարցերը արդիւնաւէտ ձեւով կը լուծուին: Ես կ՛ուզեմ անձնական երախտագիտութիւնս յայտնել ձեզի` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի դիւանագիտական ճամբով լուծման գործին մէջ Ռուսիոյ կողմէ ներդրուող ջանքերուն համար: Եւ վստահաբար, այստեղ շատ եւ շատ կարեւոր է, որ իրականացուին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: Մենք պատրաստ ենք ատոր: Շնորհակալութիւն ձեզի այս հանդիպումին համար, շատ հաճելի է», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ռուսիոյ նախագահը աւելցուցած է, որ հաճոյքով կը տեղեկացնէ  նախագահ Սերժ Սարգսեանին Ազրպէյճանի նախագահին հետ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապին շուրջ զրոյցի արդիւնքներուն մասին:

Հանդիպումին աւարտին նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին լրատուամիջոցներուն առջեւ հանդէս եկան բանակցութիւններու  արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով:

 

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Յայտարարութիւնը Լրատուամիջոցներուն Առջեւ`
Ռուսիոյ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հետ Հանդիպման Վերաբերեալ

Երկկողմանի հանդիպումէն անմիջապէս ետք նախագահներ Սարգսեան եւ Փութին տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն շրջագիծին մէջ նախագահ Սարգսեան կարդաց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Յարգելի՛ տիկնայք եւ պարոնայք,

Նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` ջերմ հիւրընկալութեան համար: Բարձր մակարդակի քաղաքական աշխուժ երկխօսութիւնը կը համապատասխանէ մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու մակարդակին: Այդ յարաբերութիւնները կ՛ընդգրկեն մեր պետութիւններու կենսագործունէութեան բոլոր մարզերը` սկսած ՀԱՊԿ-ի ուղղութեամբ դաշնակցային գործընկերութենէն մինչեւ տնտեսական համարկում Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ եւ սերտ համագործակցութիւն մարդասիրական մարզին մէջ: Մեր շրջաններուն միջեւ կապերու ծիրը կ՛ընդարձակուի, եւ այդ առումով մեծ դեր կը խաղան պարբերական դարձած միջշրջանային հայ-ռուսական համաժողովները, Ռուսիոյ կառոյցներուն եւ Հայաստանի մարզերուն միջեւ ուղիղ կապերը: Մենք բարձր կը գնահատենք Ռուսիոյ դերը աշխարհին եւ յատկապէս շրջանին մէջ, ուր զուգահեռ կ՛ընթանան կայունութեան եւ անվտանգութեան վրայ ազդող բազմաթիւ հոլովոյթներ: Հայաստանի մէջ ուշադիր կերպով կը հետեւէին վերջին շաբթուան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահին արտաքին եռանդուն քաղաքական յարաբերութիւններուն, որոնք լիովին հասկնալի են` նկատի առնելով այն, որ Ազրպէյճանը, Իրանը եւ Թուրքիան Հայաստանի սահմանակից պետութիւններ են: Ես շնորհակալ եմ Ռուսիոյ նախագահին այդ հանդիպումներուն ընթացքին մասին մանրամասն տեղեկատուութեան համար եւ համոզուած եմ, որ Հայաստանը միայն պիտի շահի մեր շրջանին մէջ Ռուսիոյ գործօն դերակատարութենէն: Մենք այսօր քննարկեցինք նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ առեւտրական շրջանառութեան աճի էական յաջողութիւնները: Ատիկա ուղղակի պատասխան է այն թերահաւատներուն, որոնք կը կանխագուշակէին, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը ոչ մէկ առաւելութիւն պիտի տայ Հայաստանին: Կը բաւէ նշել, որ հակառակ միջազգային բոլոր դժուարութիւններուն եւ խոչընդոտներուն, մեր առեւտրաշրջանառութիւնը մեծապէս աւելցած է, իսկ Հայաստանէն Ռուսիա արտածումը ընթացիկ տարուան առաջին վեց ամիսներուն աւելցած է գրեթէ 90 առ հարիւրով` մէկ կիսամեակին հասնելով իր պատմական առաւելագոյն սահմանին: Համոզուած եմ, որ մենք պիտի կարենանք պահպանել եւ զարգացնել այդ աշխուժութիւնը, քանի որ մեր երկիրներու միջեւ առկայ առեւտրատնտեսական ներուժը նոյնիսկ այսօր լիարժէք կերպով չ՛օգտագործուիր:

Բնականաբար, մեր այսօրուան բանակցութիւններուն գլխաւոր նիւթը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցն էր, Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը: Ատիկա, նախ եւ առաջ, 1994-1995 թուականներու զինադադարի դրութեան մասին եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրներու անվերապահ կատարումն է, միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ստեղծումը եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի առաքելութեան ընդլայնումը: Ես անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ռուսիոյ նախագահին` այն ջանքերուն համար, զորս, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի հետ համագործակցութեամբ, ի գործ կը դնէ Ռուսիան` տագնապի խաղաղ լուծման եւ այդ գործընթացին մէջ նախագահ Փութինի անձնական ներդրումին համար: Տակաւին երկու տարի առաջ Սոչիի մէջ մենք մանրամասն կերպով քննարկած ենք այս բարդ հարցի լուծման հիմնական սկզբունքներն ու մօտեցումները: Այդ սկզբունքները անփոփոխ են: Նման տագնապ անկարելի է լուծել` յղում կատարելով հետեւանքներուն, եւ ոչ թէ պատճառներու վերացման: Ղարաբաղեան հարցին էութիւնը Ղարաբաղի ժողովուրդին պայքարն է` ինքնորոշման համար: Ասիկա բոլոր ժողովուրդներուն անքակտելի իրաւունքն է: Տագնապի լուծումը այդ իրաւունքի յարգումն ու ապահովումն է: Ճիշդ այդ մասին է, որ այսօր մենք մանրամասնօրէն զրուցած ենք Ռուսիոյ նախագահին հետ: Նման զգայուն նիւթի մը առնչուող խաղաղ հոլովոյթը եւ բանակցութիւնները երբեք դիւրին չեն ըլլար: Բոլոր այն փորձերը, որոնց իբրեւ հետեւանք կրնայ խախտիլ ուժերու հաւասարակշռութիւնը, յառաջանալ յաղթողներ ու պարտուողներ, դատապարտուած են ձախողութեան եւ նոր լարուածութեան: Պէտք է բոլորը շահին իբրեւ արդիւնք իրատեսական, յստակ եւ իրագործուող որոշումներու, որոնք հիմնուած պիտի ըլլան փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան, եւ ոչ թէ ատելութեան ու այլատեացութեան վրայ: Վլատիմիր Փութի՛ն, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան նիւթերը յատկապէս արդիական են ողիմպիական խաղերու օրերուն: Մենք անգամ մը եւս յաջողութիւն կը մաղթենք Ռուսիոյ եւ Հայաստանի հաւաքականներուն եւ կը փափաքինք միասին ուրախանալ մեր եւ ձեր մարզիկներուն նուաճած յաջողութիւններով: Մենք շատ հպարտ ենք, որ հայկական ծագում ունեցող ռուս մարզիկները հասած են շատ լաւ արդիւնքներու: Քանի մը ամիս առաջ Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ համաշխարհային գեղասահքի առասպել Իրինա Ռոտնինայի անուան դպրոցին: Համոզուած եմ, որ մարզական միացեալ յաղթանակները եւ նուաճումները լիովին կ’արտացոլան մեր ժողովուրդներուն փոխադարձ զգացումներուն մէջ: Ինչպէս կ’ըսեն` առողջ հոգի առողջ մարմինի մէջ»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.